2012-07-19 12:13:16

Վատիկանի Տնտեսութեան Թափանցկութեան Մասին Հրատարակուած Եւրոխորհուրդի <<Մոնէյվալի>> Տեղեկագիրը։


Երեքշաբթի 18 յուլիս 2012 լոյս տեսաւ Վատիանի տնտեսութեան թափանցկութեան մասին Եւրոխորհուրդի <<Մոնէյվալի>> տեղեկագիրը որուն մէջ ընդգծուած է Վատիկանի իշխանութիւններու տնտեսութեան թափանցկութեան առնչութեամբ տարած կարեւոր աշխատանքը։
Տեղեկագիրի ներկայացումը կատարելով, Սուրբ Աթոռի արտգործ նախարարութեան ենթաքարտուղար գերապայծառ Էթթորէ Պալէսթրօ յայտարարած է թէ <<Մոնէյվալի>> տեղեկագիրը <<անկիւնաքար մըն է>> եւ թէ <<վատիկանը վճռական քայլ մը արձանագրած է որուն միջոցաւ կ՛ուզէ ապացուցանել իր կամքը միջազգային հասարակութեան վստահելի գործնկեր մը ըլլալու>>։ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր կարգին ողջունեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան տածած աշխատանքը մատնանշելով թէ <<պահը պատմական է>> եւ թէ <<վատիկանը չի վարանիր իարւասու եւ առարկական արտաքին աշխարհի հետ համագործակցելու։>>








All the contents on this site are copyrighted ©.